«Հորիզոն»ի 12-րդ բացառիկի այս թիւով կը ներկայացնենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ մեր հարցազրոյցը:
Յատուկ յօդուածներով անդրադարձ կայ Միջին Արեւելքի տագնապի մասին եւ այդ ծիրէն ներս Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին:
Հարաւային Կովկասի քաղաքական փորձագէտին հետ հարցազրոյցը նոր լոյս կը սփռէ տարածաշրջանի այսօրուան իրավիճակին մասին:
Հայերէն լեզուի ուսուցման մասին յօդուածը կ՚անդրադառնայ Սփիւռքի մէջ հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն:
Անգլերէն հատուածին մէջ տեղ գտած յօդուածներով կը ներկայացուին Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ հայրենիքի մէջ կրթական կառոյցներու եւ այդ բնագաւառին մասին շահեկան տեղեկութիւններ:
Ֆրանսերէն բաժնին մէջ լայն անդրադարձ կայ Մուսա Լերան պատմութեան եւ Վագըֆլի գիւղի հայ բնակչութեան մասին:
«Հորիզոն»