«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 14-րդ գունաւոր ամանորեայ բացառիկ թիւը։ Այս բացառիկի կողքը նուիրուած է հայ զինուորին:
Այս թիւով յատուկ անդրադարձ կայ Միջին Արեւելքի քաղաքական տագնապին մասին, որուն ծիրէն ներս յատուկ հարցազրոյցով Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը կը ներկայացնէ սուրիահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, հայ գիտաշխատողը կը բացատրէ հայերու ունեզրկման գործօնը հայ ժողովուրդի բնաջնջման ծրագրին մէջ:
Անգլերէն յաւելուածին մէջ յատուկ յօդուածով մը լոյս կը սփռուի Արեւմտահայաստանի փրկուած բեկորներու մասին:
Ֆրանսերէնով կը ներկայացուին Արեւմտահայաստանի արծուեբոյններէն հանդիսացող դէպի Սասնայ լեռնաշխարհ ուխտագնացութեան մանրամասնութիւնները:
Ներբեռնել՝ բացառիկի PDF տարբերակը։