Գաղափարագրութիւն Հ.Յ.Դաշնակցութեան, Բ. Հատոր, Կազմակերպութիւն

05/11/1997

«Գաղափարագրութիւն Հ.Յ.Դաշնակցութեան, Բ. Հատոր, Կազմակերպութիւն», Հրատարկութիւն՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, «Յեղափոխական Գրադարան» մատենաշար թիւ 15, խմբագիր՝ Յարութիւն Քիւրքճեան, Աթէնք, 1997, 302 էջ։

HeghapokhakanGradaran-15«ՆԱԽԱԲԱՆ»-ը

«Գաղափարագրութիւն Հ.Յ.Դաշնակցութեան» շարքի այս երկրորդ հատորը, ինչպէս նախատեսուած էր, կը խմբէ հատուածներ՝ կարեւորագոյնները այն գործերէն, որոնք ջանացած են բանաձեւել դաշնակցական մտածումը՝ կուսակցական կազմակերպութեան ու անոր առնչուող զանազան հարցերու եւ երեւոյթներու շուրջ – Հ.Յ.Դաշնակցութեա՛ն կազմակերպական կառոյցին, գաղափարա-բարոյական թէ հոգեբանական ու ընկերաբանական սկզբունքներուն, թանձրացական-պատմական ձեւաւորումներուն, դրած ներկայ-գործնական թէ հեռանկարային խնդիրներուն:

Ինչպէս նախորդը, այս հատորը եւս համակարգեալ ծաղկաքաղ մըն է հատուածներու՝ դաշնակցական մտածողներու գործերէ, լոյս տեսած ուրոյն հատորներու թէ պարբերական մամուլի մէջ, լրացուած՝ ծրագրային-կազմակերպական վաւերագրերով, ժողովական արձանագրութիւններով ու այլ փաստաթուղթերով:

Այսօր դաշնակցական այժմէութեան դրուող կարեւոր խնդիրներէն է, ինչպէս գաղափարաբանական՝ նոյնպէս ալ կազմակերպական հիմունքներու քննարկումը — մենք չենք փութար ըսելու՝ վերաքննութիւնը: Այդ քննարկումը սակայն, պէտք է անմիջապէս յիշել ու յիշեցնել, յատուկ չէ ներկայ պահուն, ոչ ալ այդ մարտահրաւէրը իբր առանձնաշնորհեալ ու բացառիկ շարժառիթ ունի վերջին տասնամեակի իրադրական վերիվայրումները: Չհաշուած փաստը, որ այդ քննարկում-այժմէականացումը պարբերաբար դրուեր է Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան երկայնքին՝ էական, ինքնածի՛ն դրուածքով մը, — հոս կը բաւէ նշել անոր վերջին դրուածքը՝ 18րդ Ընդհ. ժողովէն (1963) ասդին, վերջ տուող՝ կազմակերպական դանդաղումի եւ ոչ-հարցադրման բաւական երկարատեւ փուլի մը, անոր սփիւռքեան տեղայնացումի հակումներուն հակադրելով ապակեդրոնացման դաշնակցական պատկերացումը — յեղափոխական նախաձեռնութիւն ու միանգամայն գաղափարա-բարոյական յանձնառութիւն՝ հանդէպ Դաշնակցութեան հիմնական աւանդը կազմող անփոփոխելիին: Աւելի կուռ, թէեւ սքեմայական (ու դարձեա՛լ աւանդական…) տարազով՝ կազմակերպական ապակեդրոնացում՝ գաղափարա-բարոյական կեդրոնացման մէջ:

*
* *

Ինչպէս եռհատորեակի առաջին գիրքին մէջ կը նշուէր, այս հատորի պարագային եւս, հրատարակչական նախաձեռնութիւնը շարժառիթ ունեցած է դաշնակցական մամուլի հին ժողովածուներու եւ դաշնակցական մտքի դասականներու գործերու շատ անբաւարար տրամադրելիութիւնը (ծրագրային-կազմակերպական փաստաթուղթերու եւ դիւանական նիւթերու մարզին մէջ է միայն, որ աւելի մխիթարական երեւոյթով կը ներկայանան Հ.Յ.Դ. նախորդ տասնամեակներու հրատարակութիւնները — շնորհիւ յատկապէս «Նիւթեր Հ.Յ.Դ. Պատմութեան համար» շարքին): Ներկայ հատորը, իր կարգին մասնակի՝ գործնական սահմանափակումներու բերմամբ, այսուհանդերձ կը ձգտի գոցել նշուած այդ բացը — ջանալով խտացնել էականը: Կա՞յ կարիք շեշտելու, որ այդ էականի ճանաչումով եւ լրջագոյն նկատառում-քննարկումով է, նա՛եւ Դաշնակցութեան պատմութեան, գաղափարաբանութեան ե՛ւ ռազմավարական մտածողութեան ճանաչումով, որ դաշնակցականներս իրաւասու կը դառնանք մասնակցելու մեր կազմակերպական կառոյցներու քննարկման հաւաքական ճիգին:

*
* *

Քանի մը գործնական տեղեկութիւններ՝ այս հատորին մասին.— Ինչպէս նախորդը, անիկա իբր ժամանակագրական սահման կ՚ընդունի 22րդ Ընդհ. ժողովը (1982), ուր կանգ կ՚առնէ՝ անսալով արդէն բացատրուած մտահոգութեան մը: Ապա՝ կառուցուած է վերլուծական նախագծի մը վրայ, որ սակայն կը տարբերի ա. հատորի նախագիծէն: Ներածութիւնները, պատրաստուած՝ ընկերներ Կիրօ Մանոյեանի եւ Շահան Գանտահարեանի ու հատորի խմբագրին կողմէ, տեղադրուած են հատորի սկիզբը. արտատպեալ հատուածները խմբուած են երեք մեծ բաժիններու մէջ — յաջորդաբար՝ տեսական, գործնական-կիրառական եւ փաստաթղթային. արդարեւ, դաշնակցական կազմակերպութեան մասին խորհրդածութիւններու կողքին, կարեւոր ու շահեկան պիտի ըլլայ տեսնել վկայութիւններ ու արժեւորումներ՝ անոնց իրագործման շուրջ (ասոնք եւս, մեծ մասամբ, կը բխին Հ.Յ.Դ. պատմութեան գլխաւոր դերակատարներու՝ գործիչներու գրիչէն):

Ինչպէս նախորդ հատորի պարագային, «առաջնորդող» ծանօթագրութիւնները զեղչուած են նուազագոյնի – առարկայականութեան յաւելեալ մտահոգութեամբ մը: Ասիկա՝ կը վերաբերի ինչպէս «Տեսութիւն» բաժինի, այնպէս ալ «Գործարկում» եւ «Փաստաթուղթեր» բաժիններուն: Այս վերջինները, կը կարծենք, բաւականաչափ կը լուսաբանուին նախորդ մասերով – իրենց կարգին փոխադարձաբար լուսաբանելով անոնց շարք մը նշումները:

Աւարտին՝ ցանկ մը կը խմբէ անհատ-հեղինակները այբ-բենական կարգով, մինչ զոյգ մատենագիտական ցանկեր կու տան լրացուցիչ տեղեկութիւններ ներկայ հատորի եւ նախորդ՝ առաջին հատորի աղբիւրներուն մասին: Զանց առնուած է բանալի յղացքներու վերլուծական ցանկը, նկատի առած նիւթի սահմանափակութիւնը եւ անոր հետեւանք շարժումի դիւրութիւնը՝ հատորի բաժիններուն եւ հատուածներուն մէջ ու միջեւ:

Ներբեռնել PDF տարբերակը։



Այլ լեզուներով

HamazkayinBookstore-logo-s Sartarabad-bookstore-logo-s