«Է. Յովհաննիսեանի յօդուածների ժողովածուն տպագրւած “Դրօշակ”ում», հրատարակութիւն՝ Հայկական Հարցերի Հաստատութեան (Միւնխէն), Երեւան, 2009, 1668 էջ։
Էդուարդ (Էդիկ) Յովհաննիսեանի «մահւան հնգամեակին առթիւ իր ամենամօտիկ աշխատակիցները, իր ընկերները, իրենց սրտին պարտքը համարեցին “Դրօշակ”-ի երեսնամեայ համարներու մէջ ցրւած իր յօդւածներն ի մի բերելու եւ զանոնք ամփոփելու մէկ հատորի մէջ: Ասիկա ոչ միայն մեր հանգուցեալ մեծանուն ընկերոջ սրտին փափաքն էր որ յետ մահու կ՚իրագործենք իր բաղձանքն իրագործելու եւ իր յիշատակը յարգելու համար, այլեւ ծառայութիւն մըն է որ կը մատուցանենք այն բոլոր հայորդիներուն որոնք “մաս կազմելով հայ ժողովուրդի ճակատագրին” ծարաւն ունին զիրենք առաջնորդող մտքի մը: Իսկ ներկայ հատորին մէջ ամփոփւած յօդւածները, թէեւ շատ անգամ առնչւած են օրւան կապւած յատուկ դէպքի մը կամ իրադրութեան մը, սակայն միեւնոյն ատեն աւելի ընդհանուր, եւ ժամանակին չկապւած արժէք մըն ալ ունին, որ կու գայ հեղինակին այն բացառիկ յատկութենէն որու շնորհիւ գիտեր անմիջապէս հարցի մը էութեան հասնիլ եւ, առանց տարւելու արտաքին խաբուսիկ երեւոյթներէ, ուղղակի թափանցել բարդ խնդիրներու իսկութեան եւ պարզ ձեւով ամէնուն հասկնալի դարձնել: Ահաւասիկ որ “Դրօշակ”-ի մէջ հրատարակած իր յօդւածները պարագայական գրութիւններէ աւելի, տեսակ մը օրինակներ, ուղեցոյցներ են քաղաքական հարցերը վերլուծելու եւ անոնց լուծում մը գտնելու համար եւ իրենց զննող ու բացայայտող բնոյթով շատ պիտանի գործիք մըն են նաեւ այն ապագայ սերունդներուն համար որ պիտի զինւորագրուին հայ ժողովուրդին ծառայելու նպատակին:
«Իր ջերմ փափաքն էր որ այս յօդւածները հատորի մը մէջ ամփոփւէին: Կարծես կը նախազգար իր կանխահաս մահը եւ կ’ուզէր ժամ առաջ իր հարուստ մտքին բերքը ժառանգ ձգել գալիքներուն: Եւ ահա մենք, որ բախտն ու հպարտութիւնն ունինք իր մտերիմներն ու գործակիցներն եղած ըլլալու, մեր սրտին պարտքը համարեցինք իր փափաքն իրագործել այս հատորը լոյս ընծայելով: Ասոր մէջ ամփոփւած են “Դրօշակ”-ի մէջ տպւած իր բոլոր յօդւածները»: