«ԱՍՊԱՐԷԶ» օրաթերթի 2013 Նոր Տարուան Բացառիկը։ Խմբագրականը՝ «Սահման Քաջաց, Զէնք Իւրեանց». Նանէ Աւագեանի հարցազրոյցր ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի հետ։ 96 էջերէ բաղկացած բացառիկին մէջ յօդուածներ ունին Ս. Մահսէրէճեան, Մարի Ռոզ Աբուսէֆեան, Ռիթա Որբերեան, Տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան, Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան, Օննիկ Հայրապետեան, Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Խ. Տէր Ղուկասեան, Գէորգ Պետիկեան, Խորէն Արամունի, Նազարէթ Պէրպէրեան եւ ուրիշներ։